(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 9 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լեհաստանի նախագահ` Տիար Անտրէյ Տուտա անոր կողակիցն ու զաւակները եւ անոնց ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ մինչ Քահանայապետկան ունկնդրութենէն առաջ Լեհաստանի նախագահական պատուիրակութիւնը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ դամբանին մօտ մասնակցեցաւ սուրբ պատարագի արարողութեան։
Սրբազան Հայրը հուսկ յաջորդաբար ընդունեց Վալենսիայի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անթոնիօ Քանիզարէս ԼԼովերան, Ուկանտայի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Միքայէլ Պլում Եւ Փերուի Փիուրա թեմին առաջնորդ` Գերապայծառ Խօսէ Էկուրէն Անսելմի։ Իսկ Յետմիջօրէի ժամը 5-ին Ֆրանչիսկոս Պապը վատիկանէն կը փոխադրուի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքա` օծման տարեդարձին առթիւ, ու կը նախագահէ Հռոմի Թեմի օգնական նոր եպիսկոպոսս գերապայծառ Անճելօ Տէ Տոնաթիսին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւնը։
Յայտնենք թէ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքան որ նկատուած է նաեւ Հռոմի Աթոռանիստ եկեղեցի, կառուցուած է Կոստանդիանոս Կայսրի ջանքերով , Սիլվեսթրոս Քահանայապետի օրով (314-335)։ Իսկ նորօծ եպիսկոպոսը, Հռոմի թեմի օգնական եպիսկոպոս նշանակուեցաւ անցեալ 14 սեպտեմբերին։ Ան ծնած է 1954-ին Լեչչէ Մարզի Քազարանօ քաղաքին մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1980-ին եւ 1983-ին անդամակցած է Հռոմի Թեմին։ Նշենք նաեւ Գերապայծառ Տէ Տոնաթիս եղած է 2014-ի Հռոմի Քուրիայի քառասնորդաց շրջանի հոգեւոր կրթութեան քարոզիչը։
Յայտնենք թէ երեքշաբթի 10 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Փրաթօ եւ Ֆիրենցէ քաղաքներուն ուր եւ կը մասնակցի Իտալիոյ Եկեղեցական 5-րդ ազգային ժողովին։
All the contents on this site are copyrighted ©. |